
Փորթուգալեան մամուլը երէկ յայտնեց, որ Սփորթինկ Լիզպոնի նախկին նախագահ Ժորժ Կոնզալվես, որ փորթուգալեան ակումբին հետ աշխատած է 1988-1989 թուականին, մահացած գտնուած է Անկոլայի մայրաքաղաք Լուանտայէն 115 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող ծովափին:
Կը նշուի, որ 66 տարեկան գործարարը վերջին ժամանակաշրջանին տնտեսական լուրջ խնդիրներ ունէր եւ բժիշկներուն խորհուրդով պէտք էր տեղափոխուէր հոգեբուժարան:
Ոստիկանութիւնը կ՛ենթադրէ, որ ան ինքնասպանութիւն գործած է: