Պուլկարիոյ Սամոքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան 4-րդ օրը հայ կռփամարտիկները յաղթանակով սկսան իրենց ելոյթները:
Մրցասպարէզ դուրս եկած հայ երկու կռփամարտիկներ Արամ Աւագեան (56 քկ) եւ Արման Յովհիկեան (75 քկ) յաղթանակներ արձանագրեցին, կը յայտնէ ArmSport.am:
Հայրենի վերոնշեալ մարզիկներէն ետք մրցասպարէզ դուրս գալով Յովհաննէս Պաչքով (64 քկ) իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց: