Պարսելոնայի մարզիչ Լուիս Էնրիքէ յայտարարեց, որ խումբի յառաջապահ Փետրոյի ապագան կը յստականայ յառաջիկային:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, վերջերս կը խօսուէր, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ անոր փոխանցումը շատ մօտալուտ է:
«Անոր ապագան կ՛որոշուի յառաջիկային` նկատի ունենալով, որ այժմ մարզիկներու փոխանցման ժամանակամիջոցը գրեթէ հասած է իր աւարտին», ըսաւ Էնրիքէ:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին 28 տարեկան ֆութպոլիստը քաթալոնական ակումբին հետ կատարեց 35 մրցում` նշանակելով 6 կոլ: