Սերպիոյ Սուպոթիքա քաղաքին մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի պատանիներու ախոյեանութիւնը:
Բաղդատմամբ ազատ ոճի ըմբիշներուն, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշները յարաբերաբար յաջող ձեւով չմասնակցեցան, կը յայտնէ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Պատուոյ պատուանդանի երրորդ աստիճանին վրայ կանգնեցաւ 54 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցած Տիգրան Մինասեան, կը յայտնէ ArmSport.am:
Նշենք, որ 25-30 օգոստոսին Պոսնիա – Հերցեկովինայի Սարայեւօ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի պատանիներու ախոյեանութիւնը: