
«Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» կը հաղորդէ, որ հինգշաբթի, 13 օգոստոսին, Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս նոր պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ իր ակումբին հետ:
Աղբիւրին համաձայն, նոր պայմանագիրը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 2020: Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 29 տարեկան ֆութպոլիստին աշխատավարձը տարեկան պիտի կազմէ 10 միլիոն եւրօ, որուն 1,5 միլիոն եւրօ-ն պիտի ըլլայ յաւելավճարը:
Նշենք, որ Ռամոսի գործող պայմանագիրը կ՛աւարտի 2016-ի ամրան: