Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչի ապաքինումը կը ձգձգուի:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ֆրանսական «Լ՛եքիփ» մարզական օրաթերթը, 33 տարեկան ֆութպոլիստը խումբի վերջին փորձերուն չի մասնակցիր:
Աղբիւրին համաձայն, ան ծունկի վնասուածքի պատճառով 10 օր եւս պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Նշենք, որ ան վիրաւորուեցաւ Լիոնի դէմ տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին մրցումին: