
Ֆրանսական մամուլին համաձայն, Օլիմփիք Մարսէյի նոր մարզիչը կրնայ ըլլալ Եիւրկըն Քլոփ, որ նախորդ տարեշրջանի աւարտին հեռացաւ Պորուսիա Տորթմունտէն եւ այժմ անգործ է:
Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, Մարսէյի նախագահ Վենսան Լապրուն արդէն իսկ կապ հաստատած է Քլոփի հետ, բայց այդ գծով պաշտօնապէս ոչինչ կը հրապարակուի ֆրանսական ակումբին կողմէ:
Կը խօսուի նաեւ քանի մը այլ թեկնածուներու` Վինչենցօ Մոնթելայի, Վալթեր Մացարիի եւ նոյնիսկ Զինետին Զիտանի մասին:
Սակայն այնպէս կը թուի, որ Ռէալ Մատրիտի երկրորդ խումբին մարզիչը, 43 տարեկան Զիտան, արդէն իսկ մերժած է այդ պաշտօնը ստանձնել:
Նշենք, որ Մարսէյի խումբին մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կայէլ Անտոնեան:
Սակայն այլ լուրերու համաձայն, երէկ գիշեր յայտարարուեցաւ, որ Քլոփ եւս այդքան ալ համաձայն չի թուիր ըլլալ այս գաղափարին եւ Մարսէյի մարզիչը ըլլալ: