
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ մասնակցութեամբ տասը խումբերու, այսօր` չորեքշաբթի, 12 օգոստոսին, Պէյրութի Արաբական համալսարանին մէջ կը սկսի Լիբանանի ճատրակի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը:
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ տարեշրջանին ՀՄԸՄ Անթիլիաս հանդիսանալով Բ. դասակարգի ախոյեան, բարձրացաւ իր պատկանած տեղը` Ա. դասակարգ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասէն բացի, այս ախոյեանութեան կը մասնակցին նաեւ Լիբանանեան բանակը, Ֆրեր -ֆըրն Շըպպեք, Անսար, Մաշարիհ, Թանմիէ, Անդրանիկ, Ռիատի, Ահլի Սայտա եւ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու խումբերը:
Այս առիթով ՀՄԸՄ Անթիլիասի միացաւ Հայաստանի ճատրակի նախկին ախոյեան Տիգրան Քոթանճեան, որ իրեն խմբակից պիտի ունենայ Քնարիկ Մուրատեանը, Ժիրօ եւ Ռազմիկ Օգնայեան եղբայրները, Րաֆֆի Ճիկերեանը, Ճիօ Գալուստը, Հրակ Լախեանը, Հրայր Պրունսուզեանը, Գէորգ Թերզեանը, Յովիկ Արամալեանը, Յովիկ Թորոսեանը եւ Միսաք Հոփալեանը:
Խուբին խմբապետն է Վրէժ Աբրահամեան:
Ախոյեանութեան նախօրեակին ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմին կը մաղթենք յաջողութիւն` յոյս ունենալով, որ կազմը արձանագրելով տպաւորիչ արդիւնքներ հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
Նշենք, որ այս մրցումներուն պիտի հսկէ միջազգային իրաւարար Օմար Հաթում, մինչ օգնական իրաւարարներուն կարգին է Էլի Հուլիշեան:
Իւրաքանչիւր օր տեղի պիտի ունենայ մէկ հանգրուանի մրցում, ժամը 18:30-էն սկսեալ, բացի կիրակի օրէն, երբ տեղի պիտի ունենան երկու ճակատումներ:


