
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-32-րդ հանգրուանի մրցումները:
Պորուսիա Տորթմունտ, որ հիւրն էր Շեմնիցըրի, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանին իր տոմսը:
Մրցումին 25-րդ վայրկեանին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կատարած մէկ փոխանցումէն ետք, յառաջապահ Փիեռ – Էմերիք Օպամեյա (Կապոն) գլխու հարուածով մը նշանակեց Տորթմունտի կոլը:
82-րդ վայրկեանին, այս անգամ Օպամեյայի փոխանցումէն ետք, նոյնինքն Մխիթարեան նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը:
Նշենք, որ 2015-2016 տարեշրջանին իր կատարած պաշտօնական երեք խաղերուն ընթացքին հայ ֆութպոլիստը նշանակած է 4 կոլ եւ կատարած կոլի երեք արդիւնաւէտ փոխանցում:
1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Պայէրն Միւնիխ` 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նոյեթինկընի:
Սակայն Համպուրկ դուրս մնաց մրցաշարքէն` 3-2 արդիւնքով պարտուելով Քարլ Զէյսէն (Դ. դասակարգ):