Երէկ` երեքշաբթի, 11 օգոստոսին, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան շնորհակալագիրներ յանձնեց Հայաստանի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականի անդամներուն եւ գլխաւոր մարզիչ Արա Պօղոսեանին, որոնք Համահայկական 6-րդ ամառնային խաղերուն կը մասնակցին Մոսկուայի խումբին հետ, կը տեղեկացնէ նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Նախարարը նախ շնորհաւորեց խումբը` Համահայկական 6-րդ խաղերուն յաղթանակներ արձանագրելու եւ բաւական դիտարժան խաղ ներկայացնելու համար` նկատի ունենալով այն կէտը, որ մրցակից խումբերը եւս զօրաւորագոյն կազմով հանդէս կու գան:
Ապա, նախարար Ղազարեան յաջողութիւն մաղթեց խումբին` կիսաւարտականի եւ աւարտականի մրցումներուն:
Նախարարը աւելցուց, որ նախարարութիւնը բարձր կը գնահատէ գլխաւոր մարզիչ Արա Պօղոսեանի եւ բոլոր մարզիկներուն լայնածաւալ աշխատանքը, որ իր մեծ ներդրումը կ՛ունենայ պասքեթպոլի մարզաձեւի զարգացման:
Ան իր խօսքը եզրափակեց նշելով, որ ինք անձամբ կը հետեւի խումբին կատարած իւրաքանչիւր մրցումին:
Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչը` Արա Պօղոսեան, շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարին ջերմ եւ սիրալիր ընդունելութեան համար, ըսաւ, որ աշխատանքներ կը տարուին աւելի մեծ յաղթանակներ արձանագրելու, եւ կը նախատեսուի, յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ, մասնակցիլ միջազգային այլ մրցաշարքերու: