Վիթորուլայի միջնապահ Եանիս Հաճի, որ ռումանական ֆութպոլի անցեալի աստղ Ճիորճի Հաճիի որդին է (16 տարեկան, 9 ամիս եւ 33 օր), նշանակուեցաւ խումբին խմբապետը:
Այսպիսով, ան հանդիսացաւ Ռումանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան պատմութեան ամէնէն երիտասարդ խմբապետը:
Նախապէս ան դարձած էր Ռումանիոյ բարձրագոյն դասակարգին մէջ, իր նորամուտը նշած ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը (16 տարեկան եւ 1 ամիս), կը շարունակէ ArmSport.am:
Նշենք, որ Վիթորուլայի մարզիչն է նոյնինքն Ճիորճի Հաճի: