
«Ֆութպոլ-Իթալիա» կը հաղորդէ, որ Փարմա իր շահած բոլոր տիտղոսները հանած է աճուրդի:
Այս տարի ակումբը սնանկացած հռչակուեցաւ:
Խումբը նոր սեփականատէր մը չգտաւ, հետեւաբար տեղափոխուեցաւ ոչ արհեստավարժ լիկա, ուր հանդէս կու գայ «Փարմա Քալչօ 1913» անունին տակ:
Ասիկա կը նշանակէ, որ անոր տիրացած տիտղոսները պիտի ծախուին աճուրդի ընթացքին:
Անիկա ունի հետեւեալ տիտղոսներուն կրկնօրինակները. Իտալիոյ բաժակ (3 հատ), «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի բաժակ (2 հատ), ինչպէս նաեւ մէկական` Եւրոպայի գերբաժակ, Իտալիոյ գերբաժակ եւ բաժակակիր խումբերու բաժակ:


