Մարզական

Թենիս.  Ուիլիըմզ Եւ Տիոքովիչ Կէտերու Մեծ Տարբերութեամբ` Առաջին

Թենիս. Ուիլիըմզ Եւ Տիոքովիչ Կէտերու Մեծ Տարբերութեամբ` Առաջին

Սերենա Ուիլիըմզ Նովաք Տիոքովիչ Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած այս շաբթուան նոր դասաւորման մէջ, սովորականին նման պարագլուխի դիրքին վրայ բազմած կը մնան սերպ Նովաք Տիոքովիչ եւ ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ` կէտերու մեծ տարբերութեամբ գերազանցելով իրենց մրցակիցները: Ստորեւ կու տանք նոր դասաւորումը (փակագիծերուն մէջ` մարզիկներուն գրաւած նախկին դիրքերը). ՏՂԱՔ  ԿԷՏ 1.- (1) Նովաք Տիոքովիչ (Սերպիա) 14,265 2.- (3) Էնտի Միւրէյ (Անգլիա) 8660...

Քասիաս. «Ռամոս Արժանի Է Նոր Պայմանագիրին»

Ռէալ Մատրիտի նախկին բերդապահ Իքեր Քասիաս, որ այժմ մաս կը կազմէ Փորթոյի, իր նախկին խմբակիցին` Սերճիօ Ռամոսի պայմանագրութեան երկարաձգման անդրադառնալով կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Շատ ուրախ եմ, որ Սերճիօ Ռամոս երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը: Ան իսկապէս արժանի է անոր: Վստահ եմ, որ ան շատ մեծ ուրախութիւն պիտի պարգեւէ Ռէալ Մատրիտի համակիրներուն, որովհետեւ ան իւրաքանչիւր մրցումի, որ դաշտ կը ներկայանայ, սրտանց կը մրցի...

Փիքէ Կրնայ 4-Էն 12 Մրցումով Կախակայուիլ

Ժերար Փիքէ Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ շատ հաւանաբար 4-էն 12 մրցումով կախակայուի, երէկ յայտնեցին սպանական լրատուամիջոցները: Պատճառը այն է, որ Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի դարձի մրցումին 55-րդ վայրկեանին, ան բաւական զայրացած ձեւով եւ քիչ մը երկար բողոքած էր կողմի իրաւարարին` դժգոհ մնալով անոր տուած մէկ որոշումէն: Ըստ «Եուրոսփորթ»-ին, Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը այսպիսի արարքի համար ֆութպոլիստի...

Մոտրիչ. «Յուսանք, Որ Ռամոսի Հետ Բազմաթիւ Տիտղոսներու Կը Տիրանանք»

Լուքա Մոտրիչ Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը օր առաջ Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց արքայական ակումբին հետ: Այս լուրին ի տես, անոր խմբակից Լուքա Մոտրիչ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հիանալի լուր` պայմանագրութեանդ ժամկէտը երկարաձգելու գծով: Յուսանք, որ միասին բազմաթիւ տիտղոսներու կը տիրանանք` արձանագրելով տպաւորիչ արդիւնքներ»:  

Միհայլովիչ. «Մեր Նպատակը Իտալիոյ Տիտղոսին Տիրանալն Է»

Ա. Սէ. Միլանի մարզիչ Սինիսա Միհայլովիչ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր գլխաւոր նպատակն է Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին տպաւորիչ եւ փայլուն արդիւնքներ արձանագրելով ամէն գնով տիրանալ տիտղոսին: Սերպ մարզիչը ըսաւ, որ իր կազմը ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ արձանագրելու յաջորդական յաղթանակներ եւ հասնելու աւարտականին:  

Ռոնալտօ Մանհաթընի Մէջ 18,5 Միլիոն Ամերիկեան Տոլար Արժողութեամբ Յարկաբաժին Մը Գնեց

«Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի մաս կազմող փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Նիւ Եորքի մէջ (Մանհաթըն, Միացեալ Նահանգներ) գնած է նոր յարկաբաժին մը` 18,5 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ: Այս նոր յարկաբաժինը, որուն ընդհանուր տարածութիւնն է 233 քառակուսի մեթր, կը գտնուի Թրամփի շէնքին վերջին յարկը: Կը հաղորդուի, որ ապագային, երբ ան Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուի եւ մասնակցի «Մէյճըր լիկ»-ի ֆութպոլի...

Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը` Լիթուանիոյ Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Փալանկա (Լիթուանիա)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 17-23 օգոստոսին տեղի ունենալիք «Էյմպըր» բաժակի միջազգային մրցաշարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիթուանիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականները: Նախքան Լիթուանիա իր մեկնումը, Հայաստանի հաւաքականը բարեկամական մրցում մը կատարեց Բանանց-98-ի դէմ` արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Տիգրան...

Կռփամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Անուշ Գրիգորեան Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Անուշ Գրիգորեան (ձախին) 51 քկ դասակարգին մէջ աշխարհի ախոյեան Անուշ Գրիգորեան յաղթանակով սկսաւ Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը, կը յայտնէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը: Գրիգորեան 3-0 արդիւնքով վստահ յաղթանակ մը տօնեց Մոլտովան ներկայացնող Էքաթերինա Քարփի նկատմամբ եւ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Այսօր` երեքշաբթի, 18 օգոստոսին, Գրիգորեան կը մրցի հունգարացի Ալեսանտրա Վիկլասի դէմ, որ յաղթեց իր...

Հայկական Ֆութպոլ. Շիրակ` Ցարդ Անսխալական

Արարատ - Փիւնիկ մրցումէն Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումները: Շիրակ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Միքան, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, այսպիսով հանդիսանալով միակ խումբը, որ իր կատարած երեք մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է` ապահովելով առաւելագոյն 9 կէտը: Վիուլեն Այվազեան (36-րդ) եւ Գոռ Մալաքեան (74-րդ) նշանակեցին Շիրակի կոլերը: Արարատ - Փիւնիկ մրցումը աւարտեցաւ...

Դաւիթ Արշակեան` Յաղթական Կոլի Հեղինակ

Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Թրակայ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ուտենիսի, կը հաղորդէ TotalFootball.am: Հայ ֆութպոլիստ, որ Թրակայի կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ ամբողջ 90 վայրկեան, 48-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կոլը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Թրակայ 50 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Զալկիրիս, որ ապահոված է 58...

Թենիս. Միւրէյ Տիրացաւ Թորոնթոյի «Մասթըրզ»-ի Տիտղոսին

Էնտի Միւրէյ (աջին) եւ Նովաք Տիոքովիչ Նախորդ շաբաթավերջին Մոնրէալի մէջ աւարտեցաւ թենիսի «Մասթըրզ-1000» միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը: Անգլիացի Էնտի Միւրէյ տիրացաւ տիտղոսին` 6-4, 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելով սերպ Նովաք Տիոքովիչին: Վերջին անգամ Միւրէյ 2013-ին յաջողած էր յաղթել Տիոքովիչին` Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին ընթացքին: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Միւրէյ այսպիսով կասեցուց սերպ մարզիկին յառաջխաղացքը, որ...

Ռուսական Ֆութպոլ. Ռուսլան Քորեանի 3-րդ Կոլը` Էներկիայի Հետ

Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Լուչ Էներկիա, որ հիւրընկալեց Սպարտակ Մոսկուայի Բ. խումբը, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ: Մրցումին 9-րդ վայրկեանին Ռուսլան Քորեան բացաւ մրցումին հաշիւը` ի նպաստ Էներկիայի, կը յայտնէ ArmSport.am: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստին համար այդ կոլը երրորդն էր` ռուսական ակումբին հետ: Նշենք, որ այժմ Էներկիա 14 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը:...

Արմէն Կիւլպուտաղեանց` Իրանեան Ֆութպոլի Ակումբին Մարզիչներու Խմբակին Մէջ

  Փիւնիկ Երեւանի, Բանանցի, Դիլիջան Իմփուլսի եւ Ալաշկերտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Արմէն Կիւլպուտաղեանց ընդգրկուեցաւ Սիրճանի Կոլ Կոհար ակումբի մարզիչներու խմբակին մէջ, կը յայտնէ TotalFootball.am: Նշենք, որ Կոլ Կոհարը 2015-2016 տարեշրջանին ելոյթ կ՛ունենայ Իրանի ֆութպոլի առաջին դասակարգի ախոյեանութեան մէջ: Տարեշրջանի բացման մրցումին Կոլ Կոհար իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ռաֆսանճանի Մեսի խումբը, կը յայտնէ իրանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:  

Սլովաքիական Ֆութպոլ. Գագիկ Տաղպաշեանի Առաջին Մրցումը

Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ռուժոմպերոք, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ժիլինային, 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ: 73-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ հայ յետսապահ Գագիկ Տաղպաշեան: ArmSport.am յայտնեց, որ այս մրցումը առաջինն էր Տաղպաշեանի համար` Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ: Այս հանգրուանէն ետք Ռուժոմպերոք 2 կէտով միայն կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ եւ նախավերջին դիրքը:  

Սերճիօ Ռամոս` Ռէալ Մատրիտի Նոր Խմբապետը

Ռէալ Մատրիտի սպանացի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս, որ երէկ պաշտօնապէս երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը` արքայական ակումբին հետ, նշանակուեցաւ խումբին նոր խմբապետը, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Վերջին հինգ տարիներուն մատրիտցիներուն խմբապետն էր սպանացի բերդապահ Իքեր Քասիաս, որ այս ամրան ընթացքին տեղափոխուեցաւ Փորթօ: Տեղին է նշել, որ 2005-ին Սեւիլլայէն Ռէալ Մատրիտի միացած 29 տարեկան Ռամոս մինչեւ 2020 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց: Ոչ պաշտօնական տուեալներով, անոր...

Միւլըր Կ՛ուզէ Միանալ Մանչեսթըր Եունայթըտի

Express.co.uk կայքը կը յայտնէ, որ Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Թոմաս Միւլըր կ՛ուզէ իր ակումբը լքել եւ միանալ Մանչեսթըր Եունայթըտի: Նշենք, որ այս ամսուան սկիզբը անգլիական ակումբը առաջարկած էր 80 միլիոն եւրօ` ձեռք ձգելու համար 25 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը:  

Արմէն Պետիկեան Վերադարձաւ Միքա

Միքայի նախկին խմբապետ Արմէն Պետիկեան վերադարձաւ երեւանեան ֆութպոլի ակումբ, յայտնեց Միքայի մամլոյ քարտուղարութիւնը: 43 տարեկան մասնագէտը ստանձնեց մարզական տնօրէնի պաշտօնը: Պետիկեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց 2007-ին:

«Մէյճըր Լիկ». Ռոպի Քին Նշանակեց 2 Կոլ

Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութեան («Մէյճըր լիկ») մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Լոս Անճելըս Կալաքսի 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տալասը: Յաղթական կազմին երկու կոլերը նշանակեց իրլանտացի յառաջապահ Ռոպի Քին: Կալաքսիի կազմէն դաշտ ներկայացան նաեւ Սթիւըն Ժերար եւ Ճիովանի Տոս Սանթոս:

Ճատրակ. Լիբանանի Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Իր 5-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Երէկուան ճակատումէն Լիբանանի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի ճակատումները տեղի ունեցան երէկ` կիրակի, 16 օգոստոսին: ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ մրցեցաւ Մաշարիհի դէմ, 5,5-0,5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Նշենք, որ այս յաղթանակը ՀՄԸՄ-ի 5-րդ յաջորդական յաղթանակն էր: Նշենք, որ շաբաթ օր ՀՄԸՄ յաղթեց Թանմիայի` 5-1 արդիւնքով: Երէկ արձանագրուած այս յաղթանակին, Տիգրան Քոթանճեան, Ժիրօ Օգնայեան, Րաֆֆի Ճիկերեան, Հրակ Լախեան եւ Գէորգ Թերզեան յաղթանակ...

Կռփամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Մետալով Մը Վերադարձաւ Եւրոպայի Ախոյեանութենէն

Արամ Աւագեան Պուլկարիոյ Սամոքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի կռփամարտի ազգային հաւաքականը տիրացաւ մետալի մը եւ յաջողեցաւ ձեռք ձգել աշխարհի ախոյեանութեան երկու տոմս, կը յայտնէ ArmSport.am: Հաւաքականին համար միակ մետալակիրը դարձաւ 56 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցած Արամ Աւագեան, որ տիրացաւ պրոնզ մետալին: Ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիրը դառնալէ բացի, ան ապահովեց նաեւ հոկտեմբերին Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունենալիք աշխարհի...

Page 1194 of 1275 1 … 1,193 1,194 1,195 … 1,275

Արխիւներ