
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Օլիմփիք Մարսէյ, որ հիւրն էր Ռեմի, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` 1-0 արդիւնքով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Համանի Թրաորէ (14-րդ), մինչ Մարսէյէն` Ժաք Ռոմաօ կարմիր քարտ մը ստացաւ (74-րդ):
Մարսէյի մաս կազմող եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կայել Անտոնեան, թէեւ պահեստի մարզիկներուն նստարաններուն վրայ նստած էր, սակայն դաշտ ներկայանալու ժամանակ չստացաւ: