Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ Պենֆիքա յայտնեց, որ իր կազմին միացուց Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Ռաուլ Խիմենեզը:
Յաջող քննութիւններէ ետք, 24 տարեկան ֆութպոլիստը 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց փորթուգալեան ակումբին հետ:
Նշենք, որ ան նախորդ տարեշրջանին մեքսիքական Ամերիքա ակումբէն տեղափոխուած էր մատրիտեան կազմ:
Պենֆիքայի նորեկը Մեքսիքայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ միջազգային 35 մրցումի ընթացքին նշանակած է 8 կոլ, կ՛եզրափակէ TotalFootball.am: