Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին, Օլիմփիք Տոնեցք 1-0 արդիւնքով յաղթեց Օլեքսանտրիային:
Այս ախոյեանութեան Օլիմփիքի առաջին յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ հայ յառաջապահ Գեղամ Ղադիմեան, որ իր կոլը նշանակեց 36-րդ վայրկեանին` դաշտ ներկայանալով 90 վայրկեան:
Իր արձանագրած այս առաջին յաղթանակէն ետք, այժմ Օլիմփիք 4 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը: