Արժանթինի մէջ յառաջիկայ աշնան տեղի պիտի ունենայ «Հաւասարութեան եւ յիշողութեան» հայկական 6-րդ մրցավազքը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, կը յայտնէ «Արմէնփրես»:
«Հաւասարութեան եւ յիշողութեան» 10 քմ երկարութիւն ունեցող այս մրցավազքը տեղի պիտի ունենայ 4 հոկտեմբերին` Պուէնոս Այրեսի Փալերմօ արուարձանին մէջ:
10 քմ վազքէն բացի, պիտի կազմակերպուի նաեւ 3 քմ եւ 1 քմ վազք: Վերջինս երեխաներու յատկացուած է:
Արձանագրութիւնները արդէն իսկ սկսած են` www.armeniacorre.com.ar կայքին միջոցով:
Նշենք, որ այս մրցավազքը տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ:
Անիկա նպատակ ունի խթանել առողջ ապրելակերպը եւ միաժամանակ տարածել ու բարձրացնել Արժանթինի հայ համայնքին ձայնը: