Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համահայկական 6-րդ Ամառնային Խաղերը Պաշտօնապէս Փակուեցան

August 15, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

pagoum_8-14-15

Հինգշաբթի, 13 ՛օգոստոսին ուշ գիշերին, Համահայկական 6-րդ ամառնային խաղերը պաշտօնապէս փակուեցան:

Յովիկ Աբրահամեան
Յովիկ Աբրահամեան

Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ըսաւ. «Սրտանց կը շնորհաւորեմ բոլորս, Համահայկական 6-րդ ամառնային խաղերը բարձր մակարդակով կազմակերպելու եւ կայացնելու առիթով: Նախորդ 11 օրերուն ընթացքին մայրաքաղաք Երեւանը դարձած էր ամբողջ հայութեան եւ հայ մարզիկներուն իւրայատուկ հաւաքատեղին: Դուք կարելիութիւն ունեցաք ձեռք ձգելու նոր բարեկամներ: Այս խաղերուն ամէնէն կարեւոր ձեռքբերումը մեր ժողովուրդի զաւակներուն մէկտեղումն էր մեր հայրենիքին մէջ: Չեղան յաղթողներ եւ պարտուողներ: Յաղթեցին բոլորը, որովհետեւ այս խաղերը միասնութեան ապացոյց են»:

Իշխան Զաքարեան
Իշխան Զաքարեան

Իսկ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան ըսաւ. «Հպարտութեան եւ ուրախութեան զգացում ունեցանք այս խաղերուն ընդմէջէն: Թէեւ այժմ իրարմէ կը բաժնուինք, սակայն պէտք է յիշենք, որ Համահայկական խաղերը կը կրեն հայրենիք – սփիւռք – Արցախ եռամիասնութեան խուրհուրդը»:

Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը: Լաւագոյն պատուիրակութեան մրցանակին արժանացաւ Մոնրէալի խումբը, արդար խաղի մրցանակին` Նիկոսիան, մարզական ոգիի եւ համբերութեան մրցանակը տրուեցաւ Սպահանի խումբին, իսկ Համահայկական խաղերու յայտնութիւնը եղաւ Մուշի խումբը:

Նշենք, որ Համահայկական խաղերու փակման արարողութեան ներկայ եղան Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ WBO-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան, կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ:

pagoum2_8-14-15

Հոս տեղին է նշել, որ այս խաղերուն մասնակցեցան 175 քաղաքներէ 6352 մարզիկներ` 17 մարզաձեւերու մէջ, բազմահազար այցելուներ ու հիւրեր եւ պատմական հայրենիքի 8 քաղաքներու շուրջ 900 պատուիրակ:

Փակումին յաջորդող օրը, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին անդամները միաձայնութեամբ նախագահ վերընտրեցին Իշխան Զաքարեանը:

Փոխնախագահներ վերընտրուեցան Ալպերթ Պոյաճեան եւ Ստեփան Տէր Պետրոսեան, իսկ ընդհանուր քարտուղար` Սվերա Մանուչարեան:

Վերջապէս, շնորհակալութեան յատուկ խօսք փոխանցուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութան նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Համահայկական Մրցավազք` Արժանթինի Մէջ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ

September 17, 2026
Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է
Մարզական

Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է

September 17, 2026
Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան
Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.