Ղազախստանի ֆութպոլի առաջին դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փայքանուր 3-2 արդիւնքով յաղթեց Քիզիլ Ժարի:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Արտեոմ Խաչատուրով, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու է, Ա. կիսախաղին կորսուած վայրկեաններուն նշանակեց Քիզիլ Ժարի կոլը:
Իր կազմին կրած այս պարտութենէն ետք Խաչատուրովի խումբը` Քիզիլ Ժար, 28 կէտով մնաց 4-րդ դիրքին վրայ, կը յայտնէ ArmSport.am: