
Ուրբաթ, 14 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի աւարտականի երթի մրցումը, որուն ընթացքին Աթլեթիքօ Պիլպաօ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Պարսելոնան, աւելի քան 53 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, «Քամփ Նու»-ի մէջ:
Մրցումը պիտի սկսի քիչ մը ուշ, ժամը 23:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Տիտղոսին տիրանալու համար Սպանիոյ ախոյեանը` Պարսելոնա, կարիքը ունի նուազագոյնը 5-0 արդիւնքով յաղթանակի մը: