Ռուսական պարբերաթերթ մը կը շարունակէ բարեգործական նպատակի համար գաղափարներ իրականացնել` Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ գործակցաբար, «ՍՕՍ Թոմիլինօ մանկական գիւղ»-ին մէջ երեխաներու համար ֆութպոլի մարզադաշտ մը կառուցելու համար:
Արդէն իսկ շարք մը ֆութպոլի աստղերու կողմէ արժէքաւոր նուէրներ եւ ֆութպոլի կօշիկներ աճուրդի հանուած են:
Աճուրդի հանուած է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի ֆութպոլի կօշիկը, որ շատ հաւանաբար 500 հազար ռուբլիի վաճառուի, կը յայտնէ TotalFootball.am: