Ռէալ Մատրիտի սպանացի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս, որ երէկ պաշտօնապէս երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը` արքայական ակումբին հետ, նշանակուեցաւ խումբին նոր խմբապետը, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
Վերջին հինգ տարիներուն մատրիտցիներուն խմբապետն էր սպանացի բերդապահ Իքեր Քասիաս, որ այս ամրան ընթացքին տեղափոխուեցաւ Փորթօ:
Տեղին է նշել, որ 2005-ին Սեւիլլայէն Ռէալ Մատրիտի միացած 29 տարեկան Ռամոս մինչեւ 2020 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց: Ոչ պաշտօնական տուեալներով, անոր տարեկան աշխատավարձը կը կազմէ 10 միլիոն եւրօ: