Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ռուժոմպերոք, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ժիլինային, 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
73-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ հայ յետսապահ Գագիկ Տաղպաշեան: ArmSport.am յայտնեց, որ այս մրցումը առաջինն էր Տաղպաշեանի համար` Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ:
Այս հանգրուանէն ետք Ռուժոմպերոք 2 կէտով միայն կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ եւ նախավերջին դիրքը: