Ռէալ Մատրիտի նախկին բերդապահ Իքեր Քասիաս, որ այժմ մաս կը կազմէ Փորթոյի, իր նախկին խմբակիցին` Սերճիօ Ռամոսի պայմանագրութեան երկարաձգման անդրադառնալով կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Շատ ուրախ եմ, որ Սերճիօ Ռամոս երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը: Ան իսկապէս արժանի է անոր: Վստահ եմ, որ ան շատ մեծ ուրախութիւն պիտի պարգեւէ Ռէալ Մատրիտի համակիրներուն, որովհետեւ ան իւրաքանչիւր մրցումի, որ դաշտ կը ներկայանայ, սրտանց կը մրցի մրցակիցին դէմ»: