Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութեան («Մէյճըր լիկ») մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Լոս Անճելըս Կալաքսի 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տալասը: Յաղթական կազմին երկու կոլերը նշանակեց իրլանտացի յառաջապահ Ռոպի Քին:
Կալաքսիի կազմէն դաշտ ներկայացան նաեւ Սթիւըն Ժերար եւ Ճիովանի Տոս Սանթոս: