
Փիւնիկ Երեւանի, Բանանցի, Դիլիջան Իմփուլսի եւ Ալաշկերտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Արմէն Կիւլպուտաղեանց ընդգրկուեցաւ Սիրճանի Կոլ Կոհար ակումբի մարզիչներու խմբակին մէջ, կը յայտնէ TotalFootball.am:
Նշենք, որ Կոլ Կոհարը 2015-2016 տարեշրջանին ելոյթ կ՛ունենայ Իրանի ֆութպոլի առաջին դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
Տարեշրջանի բացման մրցումին Կոլ Կոհար իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ռաֆսանճանի Մեսի խումբը, կը յայտնէ իրանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:


