Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Թրակայ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ուտենիսի, կը հաղորդէ TotalFootball.am:
Հայ ֆութպոլիստ, որ Թրակայի կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ ամբողջ 90 վայրկեան, 48-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կոլը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Թրակայ 50 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Զալկիրիս, որ ապահոված է 58 կէտ: