
Նախորդ շաբաթավերջին Մոնրէալի մէջ աւարտեցաւ թենիսի «Մասթըրզ-1000» միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը:
Անգլիացի Էնտի Միւրէյ տիրացաւ տիտղոսին` 6-4, 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելով սերպ Նովաք Տիոքովիչին:
Վերջին անգամ Միւրէյ 2013-ին յաջողած էր յաղթել Տիոքովիչին` Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին ընթացքին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Միւրէյ այսպիսով կասեցուց սերպ մարզիկին յառաջխաղացքը, որ այս մրցաշարքին արձանագրած էր յաջորդական 30 յաղթանակ:


