
Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը օր առաջ Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց արքայական ակումբին հետ:
Այս լուրին ի տես, անոր խմբակից Լուքա Մոտրիչ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Հիանալի լուր` պայմանագրութեանդ ժամկէտը երկարաձգելու գծով: Յուսանք, որ միասին բազմաթիւ տիտղոսներու կը տիրանանք` արձանագրելով տպաւորիչ արդիւնքներ»: