«Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի մաս կազմող փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Նիւ Եորքի մէջ (Մանհաթըն, Միացեալ Նահանգներ) գնած է նոր յարկաբաժին մը` 18,5 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ:
Այս նոր յարկաբաժինը, որուն ընդհանուր տարածութիւնն է 233 քառակուսի մեթր, կը գտնուի Թրամփի շէնքին վերջին յարկը:
Կը հաղորդուի, որ ապագային, երբ ան Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուի եւ մասնակցի «Մէյճըր լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան, իր տրամադրութեան տակ պիտի ունենայ պատրաստ յարկաբաժին մը: