Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Լուչ Էներկիա, որ հիւրընկալեց Սպարտակ Մոսկուայի Բ. խումբը, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Մրցումին 9-րդ վայրկեանին Ռուսլան Քորեան բացաւ մրցումին հաշիւը` ի նպաստ Էներկիայի, կը յայտնէ ArmSport.am:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստին համար այդ կոլը երրորդն էր` ռուսական ակումբին հետ:
Նշենք, որ այժմ Էներկիա 14 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը: