Մարզական

Վարկաս Միացաւ Հոֆընհայմի

Վարկաս Միացաւ Հոֆընհայմի

Նափոլիի եւ Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Էտուարտօ Վարկաս ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Գերմանիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ ան միացաւ «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Հոֆընհայմի: 25 տարեկան ֆութպոլիստը մինչեւ 2019 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց գերմանական ակումբին հետ:  

Վան Տեր Վաարթ Բացակայ` Ռէալ Մատրիտի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Ռէալ Պեթիսի հոլանտացի միջնապահ Ռաֆայէլ Վան տեր Վաարթ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 29 օգոստոսին Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ «Լա լիկա»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: ԱՍ կը յայտնէ, որ հոլանտացին ցարդ չէ ապաքինած այս ամսուան սկիզբը իր ստացած վնասուածքէն: Նշենք, որ Վան տեր Վաարթ նախապէս 2008-2010 ժամանակամիջոցին մաս կազմած է Ռէալ Մատրիտի:...

Րաֆֆի Քատեան` Ասիոյ Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութեան Հսկող

Րաֆֆի Քատեան` Ասիոյ Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութեան Հսկող

28 օգոստոսէն 6 սեպտեմբեր Չինաստանի Ուու Հան քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ասիոյ աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հրաւէրով այս ախոյեանութեան համար Չինաստան կը մեկնի լիբանանահայ միջազգային մրցումներու հսկող Րաֆֆի Քատեան: Քատեան, որ հինգշաբթի, 27 օգոստոսին կը մեկնի Չինաստան, տեղական, արաբական թէ միջազգային մրցումներու հսկող եղած է, այս մարզին մէջ ունի...

Հեծելարշաւ. Էլիաս Ապու Ռաշիտ Լեռնային Ախոյեանութեան 2015-ի Ախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2015-ի լեռնային ախոյեանութիւնը` Քֆարզեպիանի շրջանին մէջ (20 քմ, 5 լեփ): 2014-ի Լիբանանի ախոյեան Էլիաս Ապու Ռաշիտ (Աթլեթիքօ Պէյրութ)` արձանագրելով 1 ժամ 14' 39" արդիւնք մը, դարձեալ հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան: Ստորեւ` արդիւնքները. 1.- Էլիաս Ապու Ռաշիտ (Աթլեթիքօ Պէյրութ) 1 ժամ 14' 39" 2.- Ռաֆիք Իտ (Շեպիպեթ Շաալաթա) 1 ժամ 33' 46" 3.-...

Կռփամարտ. Արման Դարչինեան Պրոնզէ Մետալակիր` Կրոզնիի Մրցաշարքին

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Կրոզնիի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած Քատիրովի անուան կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին, Արման Դարչինեան տիրացած է պրոնզ մետալին: 60 քկ դասակարգի կիսաւարտականին Դարչինեան, որ կը ճակատէր ղազախ մարզիկի մը դէմ, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած է, կը յայտնէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ երէկ Ուքրանիոյ մէջ սկսաւ Քլիչքօ եղբայրներուն անուան միջազգային մրցաշարքը, որուն...

Ռուսական Ֆութպոլ. Արմէն Համբարձումեան` Կոլի Հեղինակ

Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Թորփետօ Արմաւիր արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սիպեր Նովոսիպիրսքը: Նշենք, որ այս յաղթանակը եղաւ առաջինը նաեւ մարզիչ Վալերի Քարփինի համար: Մրցումին հաշիւը բացաւ հայազգի միջնապահ Արմէն Համբարձումեան` 44-րդ վայրկեանին: Այժմ Թորփետօ 8 կէտով կը գրաւէ 16-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը 18 կէտով կը գրաւէ Կազովիք Օրենպուրկ:  

Ճատրակ. Սինքուեֆիշտի Մրցաշարք. Արոնեան Յաղթանակով Սկսաւ Իր Ելոյթները

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող Սինքուեֆիլտի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` ճերմակ քարերով պարտութեան մատնելով Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ֆապիօ Քարուանան: Քարուանա 39-րդ շարժումին ընդունեց իր պարտութիւնը, կը յայտնէ ArmSport.am: Բ. հանգրուանին Արոնեան սեւ քարերով պիտի մրցի Ֆրանսան ներկայացնող Մաքսիմ Վաշիէ - Լակրաւի դէմ: Նշենք, որ իր արձանագրած...

Ժիւտօ. Յովհաննէս Դաւթեան Անյաջող Ելոյթ Ունեցաւ Աշխարհի Ախոյեանութեան

Շաբաթասկիզբին Ասթանայի մէջ (Ղազախստան) սկսաւ ժիւտոյի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` 5 ներկայացուցիչով: 60 քկ դասակարգին մէջ, մրցասպարէզ դուրս գալով Յովհաննէս Դաւթեան առաջին իսկ հանգրուանին պարտուելով Ֆրանսան ներկայացնող Վենսան Լիմարէն, դուրս մնաց հետագայ պայքարէն: ArmSport.am աւելցուց, որ 25 օգոստոսին իրենց պայքարը կը սկսին Արսէն Ղազարեան (66 քկ) եւ Ժաննա Սթանքեւիչ (52 քկ), իսկ 27 օգոստոսին` Անդրանիկ...

Մակեդոնական Ֆութպոլ. Տաշեան Տուպլէի Հեղինակ. Համբարձումեան Նշանակեց Կոլ Մը

Մակեդոնիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Վարտար Սքոփյէ 6-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Մլատոսթը: Անոր արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իրենց կարեւոր բաժինը ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստներ Յովհաննէս Համբարձումեան եւ Արտակ Տաշեան: Համբարձումեան 45-րդ վայկեանին դարձաւ կոլի հեղինակ, մինչ Արտակ Տաշեան դարձաւ տուպլէի հեղինակ (55-րդ եւ 62-րդ), կը յայտնէ TotalFootball.am: Այս հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Փիւնիկ Երեւանի նախկին...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Մոնաքօ – Վալենսիա. Վաղը` Ֆ. Ք. Պրիւժ – Մանչեսթըր Եունայթըտ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան դարձի մրցումները: Այս հանգրուանէն ետք վերջնականապէս կը յստականան այն խումբերը, որոնք պիտի մասնակցին խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք մրցաշարքին: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` երթի մրցումներուն արդիւնքները). ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Տիամօ Զաղրեպ - Սքենտերպէօ (2-1) 21:45 Մաքապի Թել Աւիւ - Պալ (2-2) 21:45 Մալմօ -...

Ըստ Տը Կարտիըն-ի. Նէյմար Համաձայնեցաւ Տեղափոխուիլ Մանչեսթըր Եունայթըտ

Իր լուրը քաղելով «Տը Կարտիըն»-էն, ArmSport.am կայքը կը յայտնէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ մտադիր է ամէն գնով ձեռք ձգել քաթալոնական Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը: Կ՛ըսուի սակայն, որ այս փոխանցման կարգադրութիւնները հազիւ տեղի պիտի ունենան տարի մը ետք: Կ՛ըսուի, որ 23 տարեկան ֆութպոլիստը արդէն համաձայնած է տեղափոխուիլ անգլիական ակումբ: Նշենք, որ Պարսայի հետ Նէյմարի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2018-ին:

Սերենա Ուիլիըմզ. «Պատրաստ Եմ Եու. Էս. Օփընի Թենիսի Մրցաշարքին»

Թենիսի աղջկանց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կազմ ու պատրաստ է Եու. Էս. Օփընի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին: «Ինքզինքս լաւապէս պատրաստ կը զգամ այդ մրցաշարքին համար: Ինծի համար միեւնոյն է, եթէ յաղթեմ կամ պարտուիմ: Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքէն ետք այլ մրցաշարքեր շատ կան դիմացս:...

Պենզեմա Պիտի Մնայ Ռէալ Մատրիտի Հետ

Ռէալ Մատրիտի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա պիտի մնայ արքայական ակումբին հետ, կը յայտնէ 27 տարեկան ֆութպոլիստին գործակալը` Քարիմ Ճաֆիրի: Նախապէս կը հաղորդուէր, որ Արսենալ պատրաստ է ֆրանսացի Պենզեմայի համար վճարելու 50 միլիոն փաունտ: «Ան ոչ մէկ դժգոհութիւն ունի իր ակումբէն: Մինչեւ մարզիկներու փոխանցման աւարտը` օգոստոսի վերջը, ան 1000 տոկոսով պիտի մնայ Ռէալ Մատրիտի հետ», Ճաֆիրիի խօսքերը...

Մանչեսթըր Եունայթըտ` Անգլիոյ Ամէնէն Սուղ Ակումբը

«Սփորթինկ Ինթելիճընս»-ի համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտ Անգլիոյ ամէնէն սուղ ակումբն է: Այս դասաւորումը կազմելու ընթացքին նկատի կ՛առնուին ակումբներուն եկամուտները, հովանաւորող ընկերութիւններուն հետ նախատեսուած եկամուտները, աշխատավարձերուն ցանկը եւ մարզադաշտերուն մեծութիւնը, կը յայտնէ TotalFootball.com:  

Այրուն Գիւղի Քաղաքապետարանի  Կազմակերպած Վազքի Մրցում.  2 Առաջնութիւն Եւ 1 Երկրորդութիւն` ՀՄԸՄ-ի Մարզիկներուն

Այրուն Գիւղի Քաղաքապետարանի Կազմակերպած Վազքի Մրցում. 2 Առաջնութիւն Եւ 1 Երկրորդութիւն` ՀՄԸՄ-ի Մարզիկներուն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, աթլեթի ներկայուցչական խումբի մարզիկներ եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի սկաուտներ, արենուշներ եւ երէցներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Այրուն գիւղի քաղաքապետարանի կազմակերպած վազքի տարիքային մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան երէկ` կիրակի, 23 օգոստոսին: Անոնց կողմէ արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. 16 տարեկան եւ վար տղաք. Ա. դիրք` Քրիստ Բրուտեան Բ. դիրք` Հայկ Աւետիս 16 տարեկան եւ վար աղջիկներ. Ա. դիրք` Սերենա Հայեք

Կռփամարտ. Անուշ Գրիգորեան` Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեան

Հունգարիոյ մէջ աւարտեցաւ կռփամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու աղջիկներու ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին ամէնէն բարձր ծածանեցաւ նաեւ հայկական Եռագոյնը, այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Լուրը փոխանցող ArmSport.am կայքը նաեւ հաղորդեց, որ 51 քկ դասակարգին մէջ Անուշ Գրիգորեան վստահ ելոյթներով յաղթեց իր բոլոր մրցակիցներուն եւ կանգնեցաւ պատուոյ հարթակին ամէնէն բարձր աստիճանին վրայ: Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան աւարտականին Գրիգորեանի մրցակիցն էր յոյն...

Եւրոպական Ֆութպոլի Շաբաթավերջը.  Պարսելոնա Յաղթեց, Եուվենթուս Պարտուեցաւ. Վոլանտ Նշանակեց «Պունտըսլիկա»-ի Ամէնէն Արագ Կոլը

Եւրոպական Ֆութպոլի Շաբաթավերջը. Պարսելոնա Յաղթեց, Եուվենթուս Պարտուեցաւ. Վոլանտ Նշանակեց «Պունտըսլիկա»-ի Ամէնէն Արագ Կոլը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, Անգլիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի կողքին տեղի ունեցան նաեւ Սպանիոյ եւ Իտալիոյ մրցումները: Անգլիոյ մէջ Մանչեսթըր Սիթի արձանագրեց իր 3-րդ յաջորդական յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով յաղթելով Էվըրթընի: Մանչեսթըր Եունայթըտ կորսնցուց տարեշրջանի իր առաջին երկու կէտը, երբ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Նիւքասըլի հետ: Լուիս Սուարեզ Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնա 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ...

Ժիւտօ. Հայաստան Աշխարհի Ախոյեանութեան Կը Մասնակցի 5 Մարզիկով

24-29 օգոստոսին Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի պիտի ունենայ ժիւտոյի մեծերու աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն 5 մարզիկով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստան, կը յայտնէ ArmSport.am: Այս ախոյեանութեան հայրենի կազմին մարզիչներն են Տիգրան Բաբայեան եւ Կարէն Սիմոնեան, իսկ մարզիկներն են` Ժաննա Սթանքեւիչ (52 քկ), Յովհաննէս Դաւթեան (60 քկ), Արսէն Ղազարեան (66 քկ), Անդրանիկ Չափարեան եւ Ռաֆայէլ Դաւթեան (81 քկ):

3×3 Պասքեթպոլ. Հայաստանի 18 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Աւարտեց Իր Ելոյթները` Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայաստանի 3x3 պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար հաւաքականը իր ելոյթները աւարտեց Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանին, որ տեղի ունեցաւ Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա): Իր կատարած երրորդ մրցումին, Հայաստան կրեց իր երրորդ պարտութիւնը, այս անգամ` Իտալիայէն, 21-12 արդիւնքով: Նշենք, որ առաջինին Հայաստան պարտուած էր Լաթվիայէն, 15-13 արդիւնքով, իսկ երկրորդին` Պելճիքայէն, 21-18 արդիւնքով, յայտնեց ArmSport.am:  

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Փիւնիկ Կասեցուց Շիրակի Յաղթարշաւը. Բանանցի Առաջին Յաղթանակը

Փիւնիկի յաղթական մարզիկները Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Փիւնիկ կասեցուց Շիրակի յաղթարշաւը, երբ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ցարդ անպարտելի իր հիւրը, որ նախորդ 3 մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր: Կամօ Յովհաննիսեան (10-րդ), Արթուր Եուզպաշեան (42-րդ) եւ Վարդան Պօղոսեան (65-րդ) նշանակեցին Փիւնիկի կոլերը: Բանանց արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Արարատը: Ալաշկերտ...

Page 1191 of 1275 1 … 1,190 1,191 1,192 … 1,275

Արխիւներ