Մարզական

Գէորգ Ղազարեան Մասնակցեցաւ Փորթոյի Դէմ Տեղի Ունեցած Մրցումին

Գէորգ Ղազարեան Մասնակցեցաւ Փորթոյի Դէմ Տեղի Ունեցած Մրցումին

Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին, Մարիթիմօ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Փորթոն, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ` ապահովելով տարեշրջանի իր առաջին կէտը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան Մարիթիմոյի հետ դաշտ ներկայացաւ 90 վայրկեան:  

Սարգիսովի Վիրաբուժութիւնը Անցաւ Յաջող

Սարգիսովի Վիրաբուժութիւնը Անցաւ Յաջող

Նիժնի Նովկորոտի Վոլգայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով յաջող վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ Մոսկուայի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Արմաւիրի Թորփետոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ան ստացած էր աջ ձեռքի կոտրուածք: «Վիրաբուժութիւնը յաջող անցաւ, սակայն ատիկա պատճառ պիտի դառնայ, որ երեք շաբաթով բացակայիմ ֆութպոլի դաշտերէն եւ դժբախտաբար բացակայիմ նաեւ Վոլկայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարելիք մրցումներէն», ըսաւ Սարգիսով:

Ճատրակ. Լիբանանի Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանդիսացաւ Երրորդ

Երէկուան մրցումէն Երէկ աւարտեցաւ Լիբանանի ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ երէկ մրցեցաւ Անդրանիկի դէմ, 4,5-1,5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով 14 կէտով հանդիսացաւ երրորդ: Անսար 18 կէտով հանդիսացաւ ախոյեան, մինչ Անդրանիկ (16 կէտով)` երկրորդ: Անդրանիկի դէմ տեղի ունեցած երէկուան մրցումին Տիգրան Քոթանճեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց Նիքոլայ Պեշքիի հետ, Քնարիկ Մուրատեան` Ճոնի Անթոնիոսի...

Հեծելարշաւ. Էտկար Ստեփանեան` Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութեան Արծաթէ Մետալակիր

Ասթանայի մէջ (Ղազախստան) տեղի ունեցող հեծելարշաւի երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանը ներկայացնող Էտկար Ստեփանեան փայլուն արդիւնքներ արձանագրելով 100 շրջան (25 քմ) խմբային մրցավազքին մէջ, հանդիսացաւ արծաթէ մետալակիր, կը յայտնէ ArmSport.am: Նշենք, որ այս ախոյեանութեան, խումբը կը մասնակցի Հայաստանի հեծելարշաւի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Կէօզալեանի ղեկավարութեամբ: Նշենք նաեւ, որ Ստեփանեանի անձնական մարզիչն է Կարէն Սարգիսով:  

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Շաբաթավերջին Կը Սկսին Նաեւ Սպանիոյ Եւ Իտալիոյ Ախոյեանութիւնները

Այս շաբաթավերջին Անգլիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն կու գան միանալու նաեւ Սպանիոյ եւ Իտալիոյ ախոյեանութիւնները: Անոնք կը խոստանան ըլլալ հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ բոլոր խումբերն ալ զօրացած են: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՆԳԼԻԱ. 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Մանչեսթըր Եունայթըտ - Նիւքասըլ 14:45 Քրիսթալ Փալաս - Ասթոն Վիլա 17:00 Լայսթըր Սիթի - Թոթենհամ 17:00 Նորուիչ - Սթոք Սիթի...

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Հայ Խաղացողներուն Ա. Հանգրուանի Մրցակիցները

10 սեպտեմբերին Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) կը սկսի աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքը: Օգտագործելով ՖԻՏԷ-ին հրապարակած մէկ լուրը` ArmSport.am ըսաւ, որ Ա. հանգրուանի հանդիպումներուն Լեւոն Արոնեան իրեն մրցակից պիտի ունենայ Մայքըլ Վետենկելըրը (Լիւքսամպուրկ): Սամուէլ Տէր Սահակեան պիտի մրցի Նիքիթա Վիթիուկովի (Ռուսիա), իսկ Գաբրիէլ Սարգսեան` Մաթէուս Փարաթելիի (Լեհաստան) դէմ: Նշենք, որ Ա. հանգրուանին Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Սամուէլ Սեւեան իր դէմ պիտի ունենայ Թէյմուր...

Ճատրակ.  Նանօր Առնելեան Կը Մասնակցի Միջերկրականեան Ախոյեանութեան

Ճատրակ. Նանօր Առնելեան Կը Մասնակցի Միջերկրականեան Ախոյեանութեան

26 օգոստոսէն 3 սեպտեմբեր 2015-ին Յունաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջերկրականեան ճատրակի ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան` 12 երկսեռ ճատրակ խաղացողներով: Այդ 12-ին կարգին է նաեւ Նանօր Առնելեան, որ լիբանանցի ճատրակ խաղացողներուն մէջ միակ հայն է: Ան պիտի մասնակցի թէ՛ իր տարիքի եւ թէ՛ ալ իրմէ աւելի մեծ դասակարգերու մրցումներուն: Նշենք, որ ան 2012-ին մասնակցած է...

Փեսքարա-2015. Լիբանան 2 Տեսակ Մարզաձեւերով Կը Մասնակցի Միջերկրականեան Ծովեզերեայ Առաջին Խաղերուն

PROFOTO Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն իր կեդրոնատեղիին մէջ յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց ցանկը այն անձերուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «Փեսքարա-2015»-ի Միջերկրականեան ծովեզերեայ առաջին խաղերուն: Նշենք, որ Լիբանան կը մասնակցի 2 տեսակի մարզաձեւերու` պիչ-ֆութպոլ եւ ջուրի վրայ չմշկում: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Վաչէ Ծատուրեան: Անոր հետ լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ Եուսեֆ Զէյնէտտին (բժիշկ), Մազեն Քպէյսի (պատասխանատու` պիչ-ֆութպոլի),...

Պասքեթպոլ. Եոնաս Վալանքիունաս 4 Տարուան Համար Պիտի Ստանայ 64 Միլիոն Ամերիկեան Տոլար

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն Թորոնթօ Ռեփթըրզ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր ակումբին մաս կազմող Եոնաս Վալանքիունասի (Լիթուանիա) հետ: Ըստ ստորագրուած համաձայնագիրին, Վալանքիունաս իրաւունք ունի վերջին տարին (ան ստորագրեց 4 տարուան պայմանագրութիւն մը) խզել պայմանագիրը եւ 2019-էն սկսեալ ազատ խաղացողի կարգավիճակ ստանալ: Այս համաձայնագիրը ուժի մէջ կը մտնէ 2016-2017 տարեշրջանէն սկսեալ: Նշենք, որ ան նախորդ տարեշրջանին իր ակումբին...

ՀՄԸՄ Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնները Սամուէլ Պօղոսեանի, Գէորգ Օհանեանի Եւ Արգիշտի Պետրոսեանի Հետ

Սամուէլ Պօղոսեան TotalFootball.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ ՀՄԸՄ երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնները մարզիչ Սամուէլ Պօղոսեանի եւ ֆութպոլիստներ Գէորգ Օհանեանի ու Արգիշտի Պետրոսեանի հետ: ՀՄԸՄ Պօղոսեանի, Օհանեանի եւ Պետրոսեանի հետ մէկ տարուան պայմանագրութիւններ ստորագրեց:

Արազ Օզպիլիս Կրնայ Տեղափոխուիլ Սպանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն

Սպարտակ Մոսկուայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս մինչեւ մարզիկներու փոխանցման աւարտը կրնայ տեղափոխուիլ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւն, կը յայտնէ ArmSport.am: Ռուսական լրատու աղբիւրի մը համաձայն, Ռայօ Վայեքանօ հայ ֆութպոլիստը փոխ առնելու համար 500 հազար եւրոյի պաշտօնական առաջարկ մը ներկայացուցած է: Սակայն կը նշուի, որ այդ առաջարկը չէ գոհացուցած ռուսական ակումբը: Մոսկուացիները կը պահանջեն այդ գումարին կրկնապատիկը, մինչ սպանական...

Փետրօ Ռոտրիկեզ` Չելսիի Նորեկը

Քաթալոնական Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Փետրօ Ռոտրիկեզ, պաշտօնապէս տեղափոխուեցաւ Չելսի: Անդրադառնալով այս փոխանցման, Փետրօ Ռոտրիկեզի գործակալը` Անթոնիօ Սանս ըսաւ, որ թէեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ նոյն գումարը առաջարկեց, սակայն Չելսին քիչ մը աւելի արագ շարժեցաւ: Նշենք, որ Չելսի Փետրօ Ռոտրիկեզի փոխանցման համար վճարեց 30 միլիոն եւրօ:

Ճատրակ. Լիբանանի Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը Անսարէն` 4,5-1,5 Արդիւնքով

Լիբանանի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի հանդիպումները տեղի ունեցան: ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ իր կատարած նախորդ 7 մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, կրեց իր առաջին պարտութիւնը Անսարէն` 4,5-1,5 արդիւնքով: Տիգրան Քոթանճեան, Քնարիկ Մուրատեան, Ռազմիկ Օգնայեան եւ Րաֆֆի Ճիկերեան պարտուեցան: Հրայր Պրունսուզեան միակն ըլլալով յաղթանակ արձանագրեց, մինչ Ժիրօ Օգնայեան` հաւասարութիւն մը: Այսօր տեղի կ՛ունենան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ Անթիլիասի...

Կռփամարտ. Անուշ Գրիգորեան Հասաւ Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութեան Աւարտականին

51 քկ դասակարգի կռփամարտիկ Անուշ Գրիգորեան մօտ է Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսին տիրանալուն, կը յայտնէ ArmSport.am: Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան, Անուշ Գրիգորեան տպաւորիչ յաղթանակներով հասաւ աւարտականին: Կիսաւարտականին հայ կռփամարտիկը, գեղեցիկ ոճով առաւելութեան հասաւ Անգլիան ներկայացնող Ալիս Ճոնսընի վրայ եւ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր շաբաթ, 22 օգոստոսին կը մրցի գերմանացի Քորճ Սուսեթիի դէմ: Նշենք, որ հայկական աղբիւրը...

Պասքեթպոլ. Լիբանան Յաղթեց Նապրիտաքի` 84-79 Արդիւնքով

Սերպիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 84-79 արդիւնքով յաղթեց տեղւոյն կազմերէն Նապրիտաքի: Լիբանանի սերպ մարզիչը` Վեսելին Մաթիչ, այս մրցումին իբրեւ հիմնական կազմ դաշտ ներկայացուց հետեւեալ մարզիկները` Ուաէլ Արաքժի, Ամիր Սէուտ, Ժան Ապտել Նուր, Պասել Պաուժի եւ Ալի Հայտար: Լորեն Վուտծ դաշտ չներկայացաւ` Լիբանանի կազմին նոր միացած ըլլալուն համար: Լիբանանէն Շարլ Թապեթ նշանակեց...

Ռոպերթ Արզումանեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հաւաքական

Ռուսական Ամքար ակումբին մաս կազմող յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական, կը յայտնէ ռուսական ակումբին պաշտօնական կայքը: 31 օգոստոսէն 7 սեպտեմբեր Հայաստանի հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարէ` պատրաստուելու համար Սերպիոյ (4 սեպտեմբեր) եւ Դանիոյ (7 սեպտեմբեր) դէմ տեղի ունենալիք Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն: TotalFootball.am կայքը կ՛աւելցնէ, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան Ռոպերթ Արզումանեան ցարդ մրցում չէ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անդրանիկ Քաշուեցաւ Ախոյեանութենէն

Լիբանանեան arabasket.com կայքը կը հաղորդէ, որ Անդրանիկ ակումբի նախագահ Վիգէն Չերչեան յայտնած է, որ ակումբը կը քաշուի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանէն` աւելցնելով, որ խումբը չունի անհրաժեշտ պիւտճէն` պայքարելու համար միւս խումբերուն դէմ, այսպիսով առիթ տալով այլ խումբի մը` Ամալ Պիքֆայայի, որ մասնակցի ախոյեանութեան: Վերոնշեալ կայքը, որ իր այս լուրը քաղած է «Ժումհուրիա» օրաթերթէն, կ՛աւելցնէ, որ Չերչեան...

Արտասահմանի Մէջ Հանդէս Եկող 13 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Ազգային Հաւաքական

Սարգիս Յովսէփեան 4 սեպտեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ կը մրցի Սերպիոյ դէմ: Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Սարգիս Յովսէփեան արդէն իսկ հրապարակեց Հայաստանի ազգային հաւաքականին արտասահմանի մէջ հանդէս եկող ֆութպոլիստներուն անունները, որոնք ստացած են նախապատրաստական հաւաքին մասնակցելու հրաւէր, կը յայտնէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Այդ ցուցակին վրայ պիտի ըլլան այլ փոփոխութիւններ...

3×3 Պասքեթպոլ. Հայաստանի Հաւաքականը Մեկնեցաւ Մինսք

Երէկ, 3x3 պասքեթպոլի Հայաստանի 18 տարեկանէն վար հաւաքականը մեկնեցաւ Մինսք (Պիելոռուսիա), ուր 21 օգոստոսին կը սկսի Եւրոպայի 2015-ի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանը: Արեգ Վաթեանի գլխաւորած Հայաստանի հաւաքականը մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, ուր պիտի մրցի Լաթվիոյ, Պելճիքայի եւ Իտալիոյ դէմ: Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը իրաւունք կը ստանան մասնակցիլ քառորդ աւարտականին: Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը կրցաւ յաղթահարել զտումի հանգրուանին...

«Ֆորմիւլա-1». «Ֆեռարի» Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Ռայքոնընի Հետ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ «Ֆեռարի» որոշեց իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել Քիմի Ռայքոնընի հետ: Անոր հետ նոր պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ 2016 տարեշրջանին աւարտը: Այսպիսով, յառաջիկայ տարեշրջանին «Ֆեռարի»-ի զոյգը դարձեալ պիտի ըլլան Ռայքոնըն եւ Սեպասթիան Վեթել: Նախապէս, իտալական մամուլին համաձայն, շրջան կ՛ընէր այն տեղեկութիւնը, ըստ որոն, 2017-էն սկսեալ «Ֆեռարի»-ի խումբին մէջ Մաքս Վերսթափեն պիտի փոխարինէ Ռայքոնընը:  

Page 1192 of 1275 1 … 1,191 1,192 1,193 … 1,275

Արխիւներ