Թենիսի աղջկանց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կազմ ու պատրաստ է Եու. Էս. Օփընի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին:
«Ինքզինքս լաւապէս պատրաստ կը զգամ այդ մրցաշարքին համար: Ինծի համար միեւնոյն է, եթէ յաղթեմ կամ պարտուիմ: Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքէն ետք այլ մրցաշարքեր շատ կան դիմացս: Կը յուսամ, որ տիրացած տիտղոսներուս վրայ նոր մըն ալ կարենամ աւելցնել, եթէ լաւ ներկայացում ունենամ», ըսաւ Սերենա Ուիլիըմզ: