Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող Սինքուեֆիլտի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` ճերմակ քարերով պարտութեան մատնելով Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ֆապիօ Քարուանան:
Քարուանա 39-րդ շարժումին ընդունեց իր պարտութիւնը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Բ. հանգրուանին Արոնեան սեւ քարերով պիտի մրցի Ֆրանսան ներկայացնող Մաքսիմ Վաշիէ – Լակրաւի դէմ:
Նշենք, որ իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Արոնեան ՖԻՏԷ-ի միջազգային դասաւորման մէջ վերադարձաւ առաջին տասնեակ: Ան այժմ 2770 կէտով կը գրաւէ 9-րդ դիրքը: