Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Թորփետօ Արմաւիր արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Սիպեր Նովոսիպիրսքը:
Նշենք, որ այս յաղթանակը եղաւ առաջինը նաեւ մարզիչ Վալերի Քարփինի համար:
Մրցումին հաշիւը բացաւ հայազգի միջնապահ Արմէն Համբարձումեան` 44-րդ վայրկեանին:
Այժմ Թորփետօ 8 կէտով կը գրաւէ 16-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքը 18 կէտով կը գրաւէ Կազովիք Օրենպուրկ: