Իր լուրը քաղելով «Տը Կարտիըն»-էն, ArmSport.am կայքը կը յայտնէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ մտադիր է ամէն գնով ձեռք ձգել քաթալոնական Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը:
Կ՛ըսուի սակայն, որ այս փոխանցման կարգադրութիւնները հազիւ տեղի պիտի ունենան տարի մը ետք:
Կ՛ըսուի, որ 23 տարեկան ֆութպոլիստը արդէն համաձայնած է տեղափոխուիլ անգլիական ակումբ:
Նշենք, որ Պարսայի հետ Նէյմարի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2018-ին: