Հայաստանի 3×3 պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար հաւաքականը իր ելոյթները աւարտեց Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանին, որ տեղի ունեցաւ Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա):
Իր կատարած երրորդ մրցումին, Հայաստան կրեց իր երրորդ պարտութիւնը, այս անգամ` Իտալիայէն, 21-12 արդիւնքով:
Նշենք, որ առաջինին Հայաստան պարտուած էր Լաթվիայէն, 15-13 արդիւնքով, իսկ երկրորդին` Պելճիքայէն, 21-18 արդիւնքով, յայտնեց ArmSport.am: