28 օգոստոսէն 6 սեպտեմբեր Չինաստանի Ուու Հան քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ասիոյ աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հրաւէրով այս ախոյեանութեան համար Չինաստան կը մեկնի լիբանանահայ միջազգային մրցումներու հսկող Րաֆֆի Քատեան:
Քատեան, որ հինգշաբթի, 27 օգոստոսին կը մեկնի Չինաստան, տեղական, արաբական թէ միջազգային մրցումներու հսկող եղած է, այս մարզին մէջ ունի բաւական մեծ փորձառութիւն եւ կը վայելէ միջազգային ճանաչում: