Ռէալ Պեթիսի հոլանտացի միջնապահ Ռաֆայէլ Վան տեր Վաարթ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 29 օգոստոսին Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ «Լա լիկա»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
ԱՍ կը յայտնէ, որ հոլանտացին ցարդ չէ ապաքինած այս ամսուան սկիզբը իր ստացած վնասուածքէն:
Նշենք, որ Վան տեր Վաարթ նախապէս 2008-2010 ժամանակամիջոցին մաս կազմած է Ռէալ Մատրիտի: