Մակեդոնիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Վարտար Սքոփյէ 6-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Մլատոսթը:
Անոր արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իրենց կարեւոր բաժինը ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստներ Յովհաննէս Համբարձումեան եւ Արտակ Տաշեան:
Համբարձումեան 45-րդ վայկեանին դարձաւ կոլի հեղինակ, մինչ Արտակ Տաշեան դարձաւ տուպլէի հեղինակ (55-րդ եւ 62-րդ), կը յայտնէ TotalFootball.am:
Այս հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Փիւնիկ Երեւանի նախկին յառաջապահ Սեզար Ռոմերօ, որ դաշտ մտաւ 58-րդ վայրկեանին: Իսկ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Միրանեան կը բացակայէր Վարտարի կազմէն:
Այժմ Վարտար 7 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը: