Շաբաթասկիզբին Ասթանայի մէջ (Ղազախստան) սկսաւ ժիւտոյի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` 5 ներկայացուցիչով:
60 քկ դասակարգին մէջ, մրցասպարէզ դուրս գալով Յովհաննէս Դաւթեան առաջին իսկ հանգրուանին պարտուելով Ֆրանսան ներկայացնող Վենսան Լիմարէն, դուրս մնաց հետագայ պայքարէն:
ArmSport.am աւելցուց, որ 25 օգոստոսին իրենց պայքարը կը սկսին Արսէն Ղազարեան (66 քկ) եւ Ժաննա Սթանքեւիչ (52 քկ), իսկ 27 օգոստոսին` Անդրանիկ Չափարեան եւ Ռաֆայէլ Դաւթեան (81 քկ):