Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի պատասխանատուները որոշեցին, որ իրենք եւս 1 միլիոն եւրօ պիտի նուիրեն սուրիացի գաղթականներուն, որոնք պատերազմին պատճառով հարկադրաբար հեռացան իրենց երկրէն:
Նախապէս նմանօրինակ քայլի դիմած էին եւ 1-ական միլիոն եւրօ նուիրած էին Ռէալ Մատրիտ, Պայէրն Միւնիխ եւ Փորթօ:
Այլ գետնի վրայ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծախուած իւրաքանչիւր տոմսակէն մէկական եւրօ պիտի նուիրէ սուրիացի գաղթականներուն խնդիրները լուծելու, կ՛եզրափակէ ArmSport.am: