
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի բերդապահ Տաւիտ տը Ժէա երէկ 4 տարիով երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը իր ակումբին հետ:
Սպանացի միջազգային մարզիկը գրեթէ պիտի միանար Ռէալ Մատրիտի, սակայն նկատի ունենալով, որ անոր թղթածրարը ճիշդ ժամանակին չամբողջացաւ, արքայական կազմ անոր փոխանցումը տեղի չունեցաւ, որուն համար ալ երկու ակումբները զիրար մեղադրեցին:
Նշենք, որ 24 տարեկան բերդապահին պայմանագրութիւնը Մանչեսթըրի հետ վերջ կը գտնէր այս տարեշրջանին աւարտին եւ ան յառաջիկայ տարեշրջանին իբրեւ ազատ մարզիկ կրնար միանալ Ռէալի:
Մանչեսթըրի մարզիչ Լուիս Վան Կաալ այս տարեշրջանին ոչ մէկ մրցումի նկատի առաւ Տը Ժէան` նկատի ունենալով, որ անոր ապագան անորոշ էր խումբին հետ:
Սակայն այժմ Վան Կաալ կրնայ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի ունենալ Տը Ժէային:


