Մարզական

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն».  Սերենա Յաղթեց Իր Քրոջ` Վինըսին

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Սերենա Յաղթեց Իր Քրոջ` Վինըսին

Սերենա (ձախին) եւ Վինըս Ուիլիըմզ քոյրերը Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, աղջկանց քառորդ աւարտականին իրարու դէմ ճակատեցան ամերիկացի երկու քոյրեր` Սերենա Ուիլիըմզը եւ Վինըս Ուիլիըմզը: Թիւ 1 դասուած Սերենա Ուիլիըմզ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 6-2, 1-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելով Վինըսին (23-րդ): Անոնք երկուքը իրարու դէմ ճակատած են 27...

Եուրօ-2016. Առաւելագոյն 24 Կէտը Ապահոված Անգլիա Դէպի Աւարտականներ. Իսլանտա, Չեխիա Եւ Աւստրիա Եւս Ապահովեցին Ֆրանսայի Իրենց Տոմսերը

Ինչպէս ծանօթ է, վերջին վեց օրերուն ընթացքին Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ: Ե. խմբակին մաս կազմող Անգլիա, որ արձանագրեց իր 8-րդ յաջորդական յաղթանակը` ապահովելով առաւելագոյն 24 կէտը (միակ խումբն ըլլալով) ապահովեց նաեւ Ֆրանսայի աւարտականներուն իր տոմսը: Անոր հետ միասին իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ Իսլանտա, Չեխիա եւ Աւստրիա: Այժմ խումբերուն մեծամասնութիւնը երկու մրցում ունի...

Ակնարկ.  Ֆութպոլային Խեղկատակութիւն

Ակնարկ. Ֆութպոլային Խեղկատակութիւն

ԹՈՐԳՈՄ Ֆութպոլիստներու փոխանցման սակարանին մէջ մրցանիշ հաստատուեցաւ այս ամառ: Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգը կրկին գլխաւորեց Եւրոպայի մէջ ֆութպոլի յառաջատար երկիրներու ցուցակը` Անգլիա, Սպանիա, Իտալիա, Գերմանիա եւ Ֆրանսա: Այս հինգ երկիրներուն մէջ այս ամառ նոր մարզիկներ գնելու համար ծախսուեցաւ աւելի քան 3 երկիլիոն (միլիառ) տոլար: Այսինքն անցեալ ամառ ծախսուած գումարէն 31 առ հարիւր աւելի, որ ինքնին նոյնպէս մրցանիշ է: Այդ գումարին խոշոր...

Արթուր Ալեքսանեան`  Աշխարհի Ախոյեան

Արթուր Ալեքսանեան` Աշխարհի Ախոյեան

Լաս Վեկասի մէջ ընթացող` յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն, Արթուր Ալեքսանեան երէկ նուաճեց աշխարհի ախոյեանի կոչումը: Հայ մարզիկը աւարտականին յաղթեց Իրանը ներկայացնող Ղազեմ Ղոլամռեզա Ռեզային: Արթուր Ալեքսանեան երկրորդ անգամ անընդմէջ նուաճեց աշխարհի ախոյեանի կոչումը: Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է. «Կը շնորհաւորեմ բոլորս ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մէջ Արթուր Ալեքսանեանի փայլուն յաղթանակներուն,...

Եուրօ 2016. Ռունի Գերազանցեց 45 Տարուան Մրցանիշը

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի խմբապետ Ուէյն Ռունի Զուիցերիոյ դէմ երէկ նշանակած փենալթիով հաստատեց նոր մրցանիշ մը` ազգային հաւաքականի տարազով իր 50-րդ կոլը նշանակելով: Ռունի կոլով մը գերազանցեց 45 տարի առաջ Սըր Պոպի Չարլթընի հաստատած մրցանիշը: - Երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.      Գ. ԽՄԲԱԿ       Պիելոռուսիա - Լիւքսամպուրկ 2-0 Մակեդոնիա – Սպանիա 0-1 Սլովաքիա - Ուքրանիա 0-0 Ե. ԽՄԲԱԿ       Անգլիա -...

Օզպիլիս. «Թրքական Ակումբներու` Իմ Նկատմամբ Հետաքրքրութեան Լուրերը Բամբասանք Են»

Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Մոսկուայի «Սպարտակ»-ի միջնապահ Արազ Օզպիլիս մեկնաբանեց այն լուրերը, թէ ֆութպոլի թրքական ակումբները կը հետաքրքրուին իրմով: Օզպիլիս յայտնեց նաեւ, որ նախկին մարզավիճակը ձեռք բերելու համար կ՛աշխատի, սակայն ատոր համար ժամանակ անհրաժեշտ է: «Թրքական ակումբներու` իմ նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ լուրերը բամբասանք են: Ես «Սպարտակ»-ի  ֆութպոլիստ եմ եւ կ՛ուզեմ կեդրոնանալ իմ խումբիս խաղերուն վրայ», ըսաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային...

Կոլ Մը Իւրաքանչիւր 142 Երկվայրկեանի Մէջ, Եւ Դեռ Բերդապա՞հ Կ՛ուզեն Ըլլալ

270 վայրկեան ֆութպոլ խաղալով` 114 կոլեր ստանալ. կը թուի, թէ Միքրոնեզիոյ բերդապահը ըլլալը աշխարհի ամէնէն դժուար պաշտօնն է: Խաղաղականեան վերջին խաղերուն ընթացքին գնդակը բերդէն դուրս բերուեցաւ իւրաքանչիւր 142 երկվայրկեանը անգամ մը: Սակայն, հակառակ 30-0 Թահիթէէն, 38-0 Ֆիճիէն եւ 46-0 Վանաթուէն (աշխարհի 200-րդ դասուած) ջախջախուելուն, ամօթը հռչակի վերածուեցաւ Միքրոնեզիոյ թիւ 1-ին` բերդապահին համար: Իբրեւ արդիւնք,այժմ մարդիկ շարքի կեցած են ստանձնելու բերդապահութիւնը...

Յովսէփեան. «Գերազանց Ֆութպոլ Խաղացինք»

Հայաստան-Դանիա ֆութպոլի մրցումէն ետք Հայաստանի հաւաքականի մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Սարգիս Յովսէփեան  լրագրողներուն ըսաւ. - Այնքան շատ էր պայքարելու ցանկութիւնը, որ բերդապահն ու յետսապահները չէին ուզեր զիջիլ իրարու: Այդ պատճառով չէին կրնար լաւ համագործակցիլ: Դանիոյ հաւաքականը վտանգաւոր առիթներ չունեցաւ, ուրեմն լաւ պաշտպանուած ենք: Մեր մարզիկները, յատկապէս յետսապահները գերազանց խաղացին: Գերազանց խաղացինք, բայց միայն կէտ մը շահեցանք: Ասիկա ֆութպոլ է եւ ոչ...

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակ

Ասիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու 2019-ի բաժակի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի կազմը երէկ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ լաւապէս հիւրընկալեց Հարաւային Քորէան` 0-3 արդիւնքով պարտուելով:

Ռահիմ Սթերլինկ Պիտի Համեմատուի՞ Մեսսիի, Ռոնալտոյի Եւ Ռունիի Հետ

ԹՈՐԳՈՄ Ռահիմ Սթերլինկ Քսանամեայ Ռահիմ Սթերլինկ բոլոր ժամանակներու անգլիացի ամէնէն սուղ վաճառուող ֆութպոլիստը եղաւ, երբ փոխան 76.4 միլիոն տոլարի միացաւ Մանչեսթըր Սիթի ակումբին: Սթերլինկի ասպարէզը ինչպէ՞ս կը համեմատուի աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստներ` Մեսսիի, Ռոնալտոյի եւ Ռունիի հետ: Անոնց, ո՞ր նուաճումները ինք կը յուսայ գերազանցել: Այս եւ նման այլ հարցումներու պատասխանները պիտի տրուին յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ընթացքին: Սակայն հետաքրքրական կ՛ըլլայ կարգ...

«Եուրօ-2016». Հայաստանի Բերդը Ի Վերջոյ` Անառիկ

Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու 2016 թուականի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստան երէկ հիւրընկալեց Թ. խմբակի երկրորդ դիրքը գրաւող Դանիան: Մրցումի արդէն երկրորդ վայրկեանին դանիացիները ազատ հարուածի իրաւունք ստացան, եւ դէպի բերդ ուժգին հարուածը զսպեց բերդապահ Գէորգ Գասպարով: Առաջին վայրկեաններէն իսկ հիւրերը փորձեցին արագ կոլ նշանակել եւ տիրապետեցին դաշտին, մինչ Հայաստանի հաւաքականը դժուարութեամբ դաշտի կեդրոն կը հասնէր:  Տանտէրերը 15-րդ վայրկեանէն...

Արթուր Աբրահամ Յանձնեց «Կոլտըն Հենն» Մրցանակը

Արթուր Աբրահամ Յանձնեց «Կոլտըն Հենն» Մրցանակը

Գերմանիան ներկայացնող հայ արհեստավարժ  բռնցքամարտիկ, միջին կշիռքի դասակարգին մէջ աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ Պերլինի մէջ մասնակցեցաւ երեկոյթի մը, որուն ժամանակ «Կոլտըն Հենն» պատուոյ մրցանակը յանձնեց չմշկորդ, աշխարհի բազմակի եւ Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Քլոտիա Փեխշթայնին:

Թենիս. Ուիլիըմզ Քոյրերը` Իրարու Դէմ…

Սերենա Ուիլիըմզ Թենիսի կիներու դասաւորման մէջ թիւ 1 դասուած Սերենա Ուիլիըմզ Միացեալ Նահանգներու բաց ախոյեանութեան մրցաշարքի քառորդ աւարտականին պիտի ճակատի իր քրոջ` Վինըսի դէմ: Անոնք առաջին անգամ իրարու դէմ իբրեւ արհեստավարժ մարզիկներ մրցած են 1998-ի Աւստրալիոյ բաց ախոյեանութեան ընթացքին եւ ասիկա անոնց 27-րդ ճակատումն է:

Ֆորմիւլա 1. Լեւիս Համիլթըն Նուաճեց Իտալիոյ «Կրան Փրի»-ն

Այս յաղթանակը Համիլթընին առջեւ ճամբան կը հարթէ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին տիրանալու համար: Ասիկա Համիլթընի այս տարուան 7-րդ յաղթանակն է, որ անոր կու տայ 53 կէտի առաւելութիւն մը, իր խմբակիցին` Նիքօ Ռոսպերկի վրայ: Համիլթըն մրցումի աւարտական գիծը հասաւ Վեթելէն 25 երկվայրկեան աւելի կանուխ: «Անհաւատալի է, հիանալի...», բացագանչեց Սեպասթիան Վեթել: Ռետ Պուլ խումբի նախագահ Քրիսթիան Հոռնըր հաստատեց. «Ահարկու»:

Մխիթարեան. «Ինծի Համար Մեծագոյն Մղումը Հայերու Ժպիտներն Են»

Պորուսիա Տորթմունտ ակումբի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նշեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը շատ կ՛ուզէ ուրախացնել համակիրները: «Տարբեր մարդիկ կը խօսին եւ կը մտածեն այլ կերպ: Ինծի  համար դրդումը, մղումը միայն յաղթանակն է: Երբ կը յաղթենք, բոլոր հայերը կը սկսին ժպտալ, փողոցներուն մէջ  կը հնչէ երաժշտութիւնը, մարդիկ կը տօնեն մեր յաջողութիւնը սեփական յաղթանակի նման: Ի՞նչ կրնայ...

Ճատրակ. Քնարիկ Մուրատեան` Երրորդ

Հովանաւորութեամբ Ալէյի քաղաքապետարանին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 6 սեպտեմբերին «Ալէյ» ակումբին մէջ  տեղի ունեցան արագ ճատրակի Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումները, որոնց մասնակցեցան 79 մարզիկներ: ՀՄԸՄ-ի կազմը բաղկացած էր հինգ անդամներէ` Քնարիկ Մուրատեան, Ռաֆֆի Ճիկերեան, Ժիրօ Օգնայեան, Հրակ Լախեան եւ Ճիօ Գալուստ: Եօթը հանգրուաններէ բաղկացած այս մրցումներուն աւարտին, հինգ  մարզիկներ 6-ական կէտ նուաճելով գրաւեցին առաջին դիրքը: Ուրեմն տեղի ունեցան լրացուցիչ մրցումներ,...

«Եուրօ-2016»-ի Զտումի Մրցաշարքին Ծիրին Մէջ Երէկ Տեղի Ունեցած Մրցումներուն Արդիւնքները Եւ Խմբակներու Դասաւորումը

Դ. ԽՄԲԱԿ Իրլանտա - Վրաստան 1-0 Լեհաստան - Ճիպրալթար 8-1 Սկովտիա - Գերմանիա 2-3 ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ՄՐՑՈՒՄ ԿԷՏ       Գերմանիա 8 16 Լեհաստան 8 14 Իրլանտա 8 12 Սկովտիա 8 11 Վրաստան 8 6 Ճիպրալթար 8 0 Զ. ԽՄԲԱԿ       Ֆինլանտա - Ֆարօ կղզիներ 1-0 Հիւսիսային Իրլանտա - Հունգարիա 1-1 Ռումանիա - Յունաստան 0-0 ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ՄՐՑՈՒՄ ԿԷՏ Հիւսիսային Իրլանտա 8 16 Ռումանիա 8...

Ակնարկ. Ֆապիան Տելֆ. Փոխանցումի Ութօրեայ Խեղկատակութիւն

ԹՈՐԳՈՄ Մարզիկներու ակումբէ ակումբ փոխանցումի հոլովոյթը սովորական շապիկ փոխելու նման բանի մը վերածուած է այլեւս, սակայն ինչ որ Անգլիոյ մէջ պատահեցաւ յուլիսին, նմանեցաւ մեքսիքական պատկերասփիւռային վատորակ հաղորդաշարերու: Գլխաւոր կերպարը (խուսափելու համար հերոս բառին օգտագործումէն) այս պարագային անգլիացի ֆութպոլիստ Ֆապիան Տելֆն էր, իսկ թատերավայրերը` անգլիական Ասթոն Վիլլա եւ Մանչեսթըր Սիթի ակումբները: Ֆապիան Տելֆ պաշտօնապէս յայտարարելէ ետք, թէ ինք հաւատարիմ կը մնայ...

«Եուրօ-2016». Նուաճումներ Եւ Անակնկալներ

Եւրոպայի ազգային խումբերու ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն յատկանշական եղաւ Ուէյն Ռունիի նուաճումը: Արդարեւ, Անգլիոյ ազգային հաւաքականին տարազով խմբապետ Ուէյն Ռունի նշանակեց իր 49-րդ կոլը (փենալթի)` հաւասարելով Սըր Պոպի Չարլթընի 1970-ին հաստատած մրցանիշին: Անգլիա ապահովեց իր տոմսը, իսկ նոյն խմբակին մէջ այլ մրցումի մը ընթացքին, Զուիցերիա 2 կոլ ստանալէ ետք արթնցաւ եւ 3 կոլ նշանակելով...

Մովսիսեան Կոլի Վարպետ Է. Դանիացի Ֆութպոլիստներու Կարծիքը

Հայաստան - Դանիա այսօրուան մրցումին ընդառաջ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Դանիոյ մարզիչ Մորթեն Օլսեն, անդրադառնալով Սերպիա - Հայաստան մրցումին, ըսաւ. «Շատ բաց խաղ էր. հաւասար կարելիութիւններով մրցում էր: Հայաստան միայն մէկ կէտ ունի, սակայն կրնար աւելին ունենալ: Մեր խմբակին մէջ բոլոր մրցումները դժուար եղան: Հայաստան բաւական ճկուն խումբ է եւ ճիշդ խաղալու աւանդութիւններ ունի»: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին նաեւ...

Page 1185 of 1275 1 … 1,184 1,185 1,186 … 1,275

Արխիւներ