Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, երէկ ArmSport.am կայքը հաղորդեց, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ հրապարակուած եւրոպական երկիրներու ազգային խումբերու նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 3 դիրքի նահանջ մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 39-րդ դիրքը:
Բնականաբար ասիկա այդքան ալ լաւ դասաւորում մը չէ հայրենի կազմին համար` ընդամէնը 54 խումբերուն մէջ:
Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին Հայաստանի մրցակիցներուն դասաւորումը հետեւեալն է. Փորթուգալ` 4-րդ Դանիա` 17-րդ, Ալպանիա` 31-րդ եւ Սերպիա` 35-րդ: