Հայ ֆութպոլիստ Դաւիթ Ազին, որ անցեալին մաս կազմած է Փիւնիկի, այժմ ունեցած է նոր խումբ մը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Նախորդ մարտին ան կը մարզուէր Քլիւժի հետ: Սակայն նկատի ունենալով, որ անիկա կախակայուած էր Ռումանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ եւ Քլիւժ չէր կրնար նոր մարզիկներ միացնել իր կազմին, ան մնաց առանց ակումբի:
Այժմ ան միացաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան արեւմտեան շրջանին մէջ հանդէս եկող Վեկպերկ Պեքի, որուն հետ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:
Նշենք, որ 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, խումբը 6 պարտութիւն կրելէ ետք կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը: