Քաթալոնական Պարսելոնայի մարզադաշտը կրնայ դարձեալ վերանուանուիլ «Քամփ Նու»:
«Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ անոր «Քամփ Նու-10-15» վերանուանումը կը գնահատուի 250 միլիոն եւրոյով:
Կը հաղորդուի, որ այդ ստացուած գումարը պիտի տրամադրուի մարզադաշտի վերակառուցման:
Նախապէս տարաձայնութիւններ շրջան կ՛ընէին, որ անիկա կրնայ ստանալ «Քամփ Նու-Քաթար Էրուէյզ» անունը, իսկ Ռէալ Մատրիտի դաշտը` «Ապու Տապի-Պեռնապէօ» անունը: