Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Անգլիա, որ «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Զուիցերիան, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Յառաջապահ Ուէյն Ռունի, որ 84-րդ վայրկեանին փենալթիով կոլ մը նշանակեց եւ 50-ի բարձրացուց իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր գումարը, այսպիսով կոտրեց Պոպի Չարլթընի հաստատած մրցանիշը, որ մայիս 1970-ին Անգլիոյ հետ նշանակած էր իր 49-րդ կոլը: