«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինի հոկտեմբերին պիտի այցելէ Պաքու (Ազրպէյճան)` այդտեղ հաւաքական խումբերու նոր ուսումնամարզական կեդրոնի բացման արարողութեան մասնակցելու համար, կը յայտնէ Azerifootball:
Այդ կեդրոնին աշխատանքներուն բացումը սկսաւ 21 սեպտեմբեր 2013-ին, դարձեալ Փլաթինիի ներկայութեան:
Պաքու գտնուած միջոցին, Փլաթինի ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ 10 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Ազրպէյճան – Իտալիա մրցումին, որ կ՛իյնայ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: